2016-11-16 10:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''համբերութեամբ հանդուրժել...'


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 16 նոյեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին իտալացի եւ օտարազգի  հազարաւոր ուխտաւորներ։

Շարունակելով ողորմածութեան ներգործութիւններու մասին իր խորհրդածութիւնը Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր` բարի լոյս,  այսօրուայ խորհրդածուինը կը հայի ողորմութեան ներգործութեան մը զոր բոլորս լաւապէս կը ճանչնանք, սակայն միշտ ալ ի գործ չենք դնէր զայն. ''համբերութեամբ հանդուրժել մեզ անհանգստացնող անհատները''։

''Բոլորս ալ  լաւ կարողութիւն ունինք նշմարելու մեզ անհանգստացնող անհատի մը ներկայութիւնը ու այս մէկը կը պատահի ամէնօրեայ կեանքին մէջ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց Սուրբ Գիրքին մէջ Աստուծոյ անհուն ողորմածութեան ու համբերութեան Իսրայէլի ժողովուրդին նկատմամբ, որ յաճախ կ՛ողբար ու կը դժգոհեր։ 

Դիւրին է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ուրիշի սխալներն ու դերութիւնները մատնացոյց ընել,  սակայն հարկաւոր է նաեւ որ սորվինք մենք զմեզ դնել անոնց տեղը, ու հրաւիրեց նայիլ Յիսուսին` որ երեք տարուայ հրապարակային առաքելութեան ընթացքին յաճախ ստիպուած եղաւ իր անսահման համբերութիւնը գործածել ու յորդորել` նայելու միշտ էականին։

Վերոնշեալ ողորմութեան ներգործութեան կարելի է ապա աւելցնել այլ երկու ներգործութիւններ. յորդորել մեղաւորին եւ ուսուցանել տգէտին - յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ էականի փնտռտուքի մէջ ընկերանալը` գեղեցիկ ու կարեւոր է, որովհետեւ այս մէկը առիթ է նաեւ բաժնեկցելու կեանքի իմաստը համտեսելու ուրախութիւնը,­ ապա վերյիշեց Յիսուսի ուսուցումը զգուշանալ  նախանձէն, փառասիրութենէն, շողոքորթութիւնէն ու գայթակղութիւններէն որոնք յաճախ թաքնուած են նաեւ քրիստոնեաներուս կեանքին մէջ։

Խրատելը, յորդորելն ու սորվեցնելը սակայն պէտք չէ մեզ գերադասեն ուրիշներուն, այլ մեզ կը ստիպեն ստուգելու եթէ մենք հետեւողական ենք, ուրիշներուն մեր թելադրած խնդրանքները իրագործելու մէջ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու մէջբերեց Յիսուսի խօսքերը ''Ինչո՞ւ կը տեսնես շիւղը որ եղբօրդ աչքին մէջ է­­, եւ չես նշմարեր գերանը` քու աչքիդ մէջ  (Ղուկ 6,41)։ Ան ապա հայցեց Սուրբ Հոգւոյն շնորհքը որպէսզի մեզ օգնէ ըլլալու համբերատար հանդուրժելու մէջ եւ խոնարհ ու պարզ խրատելու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.